Արձակագիր, հրապարակագիր, խմբագիր, թարգմանիչ Վազգէն Էթիեմեզեանը (1943-1996) ծնունդով Հալեպից էր։ Սովորել է Բեյրութի Ամերիկյան համալսարանում, ապա զբաղվել տարբեր աշխատանքներով։ Ուսումը շարունակել է Կանադայում։ 1975 թվականին վերադառնում է Հալեպ և որպես ուսուցիչ աշխատում Սուրէն Խանամիրեան վարժարանում, որպես խմբագիր՝ «Ազդակ» օրաթերթում և համայնքային կրթական ու մշակութային կառույցներում։ «Ազդակ» օրաթերթում, նաև «Բագին» հանդեսում են տպագրվում նրա պատմուածքները, գրախոսականները, հրապարակախոսական հոդվածները։ 1980 թվականին է հրատարակվել հեղինակի «Յարալէզ» պատմվածքը, որն անդրադառնում է Սփյուռքում հայության համար կարևորագույն նշանակություն ունեցող հիշողության, օտար միջավայրի հետ հարաբերությունների, ինքնության պահպանության խնդիրներին։
․․․պատմվածքը բաւական ազատ կառոյցով, տարբեր ժամանակաշրջաններու փորձառութիւններով հարուստ, համապարփակ աշխարհ մը կը բերէ, տեղ-տեղ խորհրդանշական տարողութիւններ ստանալով:․․․Էթիեմեզեան, գրած ատեն այս տողերը, տարբեր տարիքային ժամանակաշրջաններու, տարբեր միջավայրերու փորձառութեանց աշխարհ մը ունի իր ետին, եթէ օտարումը սկիզբը այդ նոր, Հիւսիս Ամերիկեան միջավայրին մէջ էր, վերադարձին՝ օտարումը իրեն «ծանօթ», Արեւելեան աշխարհին մէջ է, եւ յարալէզը ի՞նչքան կրնայ դարմանել իր հոգեկան կամ այլ վէրքերը: Հեղինակը պարզապէս այդ փորձառութիւններու իմաստութեան աշխարհէն բան մը կարծես կ'ուզէ փոխանցել ըսելով. «Ի՞նչ ձեւով կարելի է թարմացնել յիշատակդ եւ սերունդներ յուզել անով: Կարելի՞ է ենթադրել, որ օրինակելի բան մը կը գտնուի յիշատակիդ մէջ», -գրում է գրականագետ Հարություն Պերպերյանը։
Ներկայացնում ենք հատված Վազգէն Էթիեմեզեանի «Յարալէզ» պատմվածքից։
ՅԱՐԱԼԷԶ
(հատված)
Պայքարի ընկեր։ Մարտի ընկեր։ Տագնապի ընկեր։
Յարալէզ։
Մեռար՝ ի՞նչ ախտէ վարակուած։ Ա՞խտ էր, թէ բնական վիճակ։ Այսինքն՝ ինչ որ բնական վիճակ եւ ապրում պիտի համարուէր բնաշխարհիդ մէջ, եղաւ ախտագին վիճակ եւ ապրում տարաշխարհիդ մէջ։ Կրնայի՞ր տարբեր ըլլալ, վերածուիլ տարբերի, ինքնաստեղծումով, յարմարելով եւ մասամբ նորին։ Կ՚ուզէի՞ր տարբերի՛լ, շեղիլ։
Կ՚ուզէի՞ր, միւս կողմէ, յարալէզի ճակատագրապաշտութեամբ մնալ հարազատ դուն քեզի, աններելի կուսութիւնդ չխաթարել։ Կարօտո՞վ կ՚ուզէիր յիշել այն անէծքը, որով դատապարտուած էիր դուն անհատապէս, եւ ժողովուրդդ՝ հաւաքաբար։
Կ՚ուզէիր անէծքի՞ն յիշողութիւնը իրագործել, ըլլալ, գործադրել տալ, թէ յիշողութեան անէծքը։
Կ՚ուզէիր ինքնացումդ, մշակութայնացումդ, եղափոխութիւնդ բարեխառնե՞լ օտարումին, այլասերումին եւ յեղափոխութեան։
Ի՞նչ էր ուզածդ։ Ինչո՞ւ կը տագնապէիր։ Ինչո՞ւ մեռար։
Յիշողութի՛ւն։ Պատմական կամ այլապէս։
Դատապարտուած էիր։
Անիծուած։
Յարալէզը Սֆինքսի վայելչութեամբ երկարած է։ Անապատի կրակ աւազին վրայ ննջան է տէրը։ Կենդանարար գեղձեր այլեւս աւիշ չեն հայթայթեր լեզուին։
Տէրը սպաննուած է։ Կարելի չէ յստակօրէն ըսել, թէ ո՛վ սպաննեց զինք։ Ուրիշնե՞ր, թէ ինք։ Սպաննուած է, նետուած։
Անապատ։ Յարալէզ։ Տէր։
Անբնական, բայց նաեւ անխուսափելի երեւոյթ։ Հեռաւոր յուշ։ Փոքր Հայք։ Արքայական դամբարան։ Կրկներեւոյթ։
Տէրը, ոչ ապահովութիւն ներշնչող բռնակալ, ոչ զգացական յեղյեղուկ պոռթկումներով կեանքին նպատակ հայթայթող մարդ, ոչ ինքնակարեւորութեան մոլուցքէն տարուած մենատէր էր։ Ոչ մէկ արքայական չքեղանք եւ անձնահաճոյ քմայք։
Եւ յարալէզը մինչ հաշտօրէն, առանց մորմոքի, կը լիզէ եւ կը յիշէ, իր կիսախուփ կոպերուն տակէն կը դիտէ կապոյտ հորիզոնին, շլացնող արեւին, հրդեհուած անապատին օտարութիւնը։
Կը զգայ միայն անխուսափելիին ծանրութիւնը։
Մահ։ Տէր։ Յարալիզութիւն։
Եւ ի՛նչ պայմանի տակ ալ գտնուի։
ըլլալ, երկկողմանի էին։ Մասամբ կու գային քեզմէ։ Դո՛ւն ալ կրնայիր միւսներուն պէս յանձնուիլ արբշիռ մոռացութեան, չյիշել, փաթթուիլ աղիճին եւ ամբողջութեամբ տրուիլ պահուն։ Դուն քու մթին խորշերուդ մէջ չէիր կրնար, հակառակ ջանքերուդ, խորտակել ա՛յն՝ որ կար քու եւ տարաշխարհիդ միջեւ։ Դիտո՞ղ մըն էիր. տեսնո՞ղ մը։ Յաճախ այնքան հեռու կ՚երթային անձնատուութեանդ մէջ, որ կը կարծէի խորտակուած տեսնել պատուարը։ Վերջին պահուն ան դարձեալ երեւան կու գար։
Չի նշանակեր սակայն, որ գիտակցաբար կ՚ընէիր այդ վերադարձը։ Ճանչցած անձերէդ շատերէն աւելի կը մխրճուէիր կացութիւններու մէջ։ Կրնամ ըսել՝ կ՚ըլլայի՛ր պահը։ Միշտ կը վերադառնայիր սակայն։
Ինչպէս ըսի, միայն մասա՛մբ դուն էիր պատճառը։ Կար նաեւ պատուարը, զոր տարաշխարհդ ստեղծած էր քեզի համար։
Եւ թերեւս գլխաւորաբար ա՛յդ պատճառով հաւատարիմ կը մնայիր յարալիզութեանդ։ Քեզ քու արժանապատուութիւնդ ոտքի կը կանգնեցնէր։ Արժանապատուութիւնդ յիշողութիւնդ էր։ Կը յիշէիր։
..............................
Երբ հասած ըլլայիր հոն՝ ուր վերադարձի ճանապարհ գոյութիւն չունի, ուր օտարացած ես դուն քեզմէ, քեզ չճանչնալու աստիճան. ուր քու գոյութիւնդ պայմանաւորուած է նուազագոյն անբաժան երկրորդով մը. ուր հասած ես անհատ եւ անջատ մարդ ըլլալու զերոյին. յանկարծ՝ ուրկէ՞ քու մէջդ ծայր կ՛առնէր վայրագ մոլուցքը ազատութեան ձգտումի։ Ինչպէ՞ս բացատրել, որ օտարումը սահման մը ունի, ուրկէ անդին կ՚ընդվզի, կ՚ըմբոստանայ մարդ։ Մա՛րդ։ Յարալէ՛զ։
Օտար ափեր ինկած յարալէզ։ Քի՞չ խոցուեցար։
Այլամերժութեամբ, արհամարհանքով եւ չարութեամբ, կճո՛ղ չարութեամբ, չըսուեցա՞ւ քեզի, որ վերադառնաս «հոն՝ ուրկէ եկած ես»…։ Աշխարհի ծայրը տեղ մը, որուն ուր ըլլալը կարեւոր իսկ չէ։ Չհարցուցի՞ր դուն քեզի. «Ո՞ւր վերադառնամ… ո՞ւր է հողս… ուրկէ՞ կու գամ ես…»։
Չդրուեցա՞ն առջեւդ աշխատանքի արգելքներ։ Փողոցներու մէջէն կճատներ չհաւաքեցի՞ր։ Անունիդ եւ դիմագիծիդ պատճառով խտրական վերաբերումի չարժանացա՞ր։
Եւ ի՞նչ տիեզերական երազով ուզեցիր քանդել կապանքները, խօսիլ, շաղուիլ, հասկնալ, հասկցուիլ։ Պոռալ անարդարութեանց, բոլո՛ր տեսակի անարդարութեանց դէմ։
Հաղորդակցիլ։ Հաղորդուիլ։
Քեզ դիմագրաւեցին անողոք պատեր։
Տագնապեցար եւ պայքարի տարբեր միջոցներ փնտռեցիր։
..............................
Եւ պատահեցաւ անխուսափելին։
Վերադարձաւ հոն՝ ուրկէ եկած էր…։
Քիչ մը ամէն տեղ հանդիպեցաւ «արդէն իսկ բազմիցս տեսնուած» երեւոյթներու։
Կը խօսուէր ինքնացման, օտարումի, այլասերումի, յեղափոխութեան, կուսութեան, ճակատագրապաշտութեան, անէծքի եւ կարօտի մասին։
Մշակոյթի, ըմբռնման եղանակի եւ աշխարհահայեացքի տարբերութիւններ կը նետուէին հրապարակ։ «Դուն մեզ չես հասկնար», կը լսէր ամէն կողմէ։ Եւ իսկապէս կ՚անդրադառնար, որ չէր հասկնար։ Ասոր մէջ դեր կը կատարէր այլեւս հասկնալու չկամութիւնը։ Ինքն ալ ունէր իր մշակոյթը, ըմբռնման եղանակը, աշխարհահայեացքը։
Յարալիզեանը։
Անդրադարձաւ, որ ինք պարզապէս ամառնային խոնաւ երեկոյ մըն է։ Պարզապէս յոգնած, պարտասած։
Մինակ էր եւ օտար նոյնիսկ հարազատներու մէջ։ Ինչպէս միշտ։
Կա՛մ ինք օտարացած, այլասերած էր, կա՛մ հարազատները։
Ինք կը հաւատա՛ր անէծքի, յիշատակի, յիշողութեան եւ դատապարտութեան։
Պարզապէս ընդունեց զանոնք։
Պիտի երթար եւ Արտաւազդի ու Փոքր Մհերի նաման փակուէր քարանձաւի մը մէջ։
Քարանձաւը պէտք է սակայն ըլլար օտար մէկ տեղ, որպէսզի չսրբապղծուէին նախնիները։
Եւ հիմա, մեռած ես արդէն։ Սպաննեցի՞ն քեզ, թէ դուն քեզ կամովին լքեցիր վերջապէս։
Յարալէզը՝ կողքիդ երկնցած՝ իր անխուսափելի, ճակատագրապաշտ եւ անվախճան ծիսակատարութիւնը կը կատարէ։
Դուն չես իշխանն հայոց եւ ոչ արքայ ամենակալ։ Փոքր Հայքը շատ հեռու է քեզմէ եւ դուն քու այլասերումիդ մէջ, թերեւս պարտադրուած կամ ինքնապարտադիր, կը մնաս նետուած անապատի մը հեռաւոր տափաստաններուն լայնքին, տեղ մը, անորոշ, ինչպէս որ էր արդէն նախապէս։
Ի՞նչ ձեւով կարելի է թարմացնել յիշատակդ եւ սերունդներ յուզել անով։
Կարելի՞ է ենթադրել, որ օրինակելի բան մը կը գտնուի յիշատակիդ մէջ։