• Գլխավոր
  • Մեր մասին
  • Հայկն ասաց
  • Հազարան բլբուլ
  • Սուս կարդանք
  • Լեզվանի
  • Ես եմ
  • Մարդը մարդ է
  • Արի ներշնչանքի
  • Ինչո՞ւ
Art365
  • Մեր մասին
  • Հայկն ասաց
  • Հազարան բլբուլ
  • Սուս կարդանք
  • Լեզվանի
  • Ես եմ
  • Մարդը մարդ է
  • Արի ներշնչանքի
  • Ինչո՞ւ
Դանիել Վարուժանի բանաստեղծական հեթանոսությունը․ Գրիգոր Պըլտեան

Դանիել Վարուժանի բանաստեղծական հեթանոսությունը․ Գրիգոր Պըլտեան

Ի՞նչ է բանաստեղծական հեթանոսությունը, արդյո՞ք այս գրական-մշակութային երևույթը  կապ ունի կրոնի հետ, թե՞ միայն գեղագիտական է։ Ինչո՞ւ է Դանիել Վարուժանը դիմում հեթանոսությանը և ինչպե՞ս է բանաստեղծականացնում։ Այս հարցերը լայնորեն արծարծվում են  Գրիգոր Պըլտեանի «Կրակէ շապիկը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ» գրքում։ Հեղինակը համադրելով գրականագիտական, մշակութաբանական և փիլիսոփայական հայեցակետերը՝ քննում է  Դանիել Վարուժանի ստեղծագործական և գաղափարական աշխարհը։ Քննության առանցքում՝  ստեղծագործությունը որպես ինքնազոհաբերում ու ազգային ինքնության վերարթնացում գաղափարներն են։ Ըստ այդմ էլ Դանիել Վարուժանի պոեզիան դիտարկվում է որպես ՝ ոգեշնչում, զոհաբերում, ծիսական մի գործողություն, որը ազգային վերածնության պայմաններին մեկն է, գուցե գլխավորը։ Վերածնություն՝ լեզվի ու դյուցազնական  գաղափարախոսության շնորհիվ։
Գրիգոր Պըլտեանը ցույց է տալիս, որ այստեղ հեթանոսությունը սոսկ թեմատիկ կամ գեղագիտական ընտրություն չէ, այլ՝ խորքային մշակութային ծրագիր՝ ուղղված ազգային հիշողության ու ինքնության վերակենդանացմանը։ Հեթանոսական պատկերները՝ հողը, մարմինը, պտղաբերությունը, աստվածները դառնում են կենսական ուժի խորհրդանիշեր, որոնք հակադրվում են ժամանակի սոցիալ-քաղաքական ճգնաժամին և մահվան սպառնալիքին։ Դ․ Վարուժանի ստեղծագործության ողբերգական ավարտը՝  Հայոց ցեղասպանության զոհ դառնալը, հեղինակը դիտում է  որպես վարուժանական ստեղծագործության հիմնավորում և շարունակություն, որտեղ կյանքը և արվեստը միաձուլվում են զոհաբերության մեջ։ Այս համատեքստում արվեստագետն ինքնինի ազգային դյուցազներգության հերոս է դառնում, որպեսզի արթնացնի, ոգեշնչի, միավորի, ուսուցանի, պայքարի, ապա մարտիրոսվի։
Ներկայացնում ենք հատված այս ուսումնասիրությունից։
 

ՎԵՐՋԻՆ ՄԱՐԴԸ

 

Վերադառնալով Վարուժանին՝ կ'ըսուէր վերը, որ դիւցազներգութիւնը կը պարզէ պատկերը, ուր համայնը կը ճանչնայ իր ծագումը եւ ինքզինք։ Գեղարուեստը այսպէս կը հաղորդակցէ համայնը ինքն իր հետ, կը միացնէ անհատները իրարու հասարակաց վայրին մէջ, որ զրոյցն ու առասպելն է, անհատները կը դառնան ժողովուրդ, ժողովուրդը` ազգ։ Այս ձեւով է, որ մեծ արուեստին յաղթանակը, «մարդ էակին յաղթանակն է նաեւ», կը գրէր Վարուժան. «...ստրուկ եւ հերոս հայ ժողովուրդը կրկէսէն դեռ նոր ելած, արիւնոտ, քրտնաթոր եւ տապահեղձ, ամբողջ հոգեւին ծարաւ է. լոյսի կուժը անհրաժեշտ է մօտեցնել իր շրթներուն»։ Այս լոյսը, յայտնի է այլեւս, գեղարուեստին լոյսն է, այն գեղարուեստին՝ որ զէնքերու դրուագումով կը սկսի, կը սահմանուի. դիւցազներգութեան լոյսը։

Պէտք է սակայն նկատի ունենալ այն, որ դիւցազներգութիւնը որքան ալ որ ժողովուրդի Հոգիին մէջ կը շրջի, պէտք ունի անհատական ճիգին։ Այլ խօսքով՝ դիւցազներգութիւնը անհատական ստեղծում է։ Այսինքն տաղանդի: Վարուժան շատ կարեւոր տեղ մը կը վերապահէ անհատին ազգի մը ամբողջացման հոլովոյթին մէջ։ Իր «Ալիշան եւ Պէշիկթաշլեան» խորագրուած բանախօսութեան մէջ՝ հետեւեալը կը գրէ.

«Միութիւններ, միաբանութիւններ, կուսակցութիւններ եւ նոյնիսկ՝ ազգեր՝ ունին իրենց ուրոյն կեանքը, աւանդութիւնները եւ սկզբունքները՝ որոնց համեմատ կը ճշտուի իրենց ուղղութիւնը եւ ծնունդ կ'առնէ իրենց գործը, բուն նպատակը: Այս իրենց կենսունակութիւնն է։ Բայց որպէս զի անոնց միութիւնը տեւական դառնայ եւ շօշափական ամբողջութիւն մը ստանայ անոնց կեանքը՝ պէտք ունին հոգիի մը, տաղանդի մը՝ որ իրենց պատկանած խմբակցութեան ամբողջ իտէալները իր անձին մէջ խտացնէ եւ մարմնացումն ըլլայ այդ բոլորին: Անգամ մը որ խմբակցութիւն մը կրցաւ ծնանիլ այդ մարդը՝ այլեւս փրկուած կրնայ համարիլ իր գոյութիւնը եւ տեւականութիւնը։ Տարիներ եւ դարեր այդ մարդուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր հետեւորդ ուժերը, բոլոր հոգիները, ու անոր յիշատակին կը քաղեն իրենց առաքինութիւնը»:

Մեր կողմէ ընդգծուած նախադասութիւնը իսկական սահմանում մը կը կազմէ տաղանդին, կարելի է ավելցնել՝ արուեստագէտին ի միջի այլոց։ Ինչ որ յատկանշական է, այն ալ տաղանդին վերադրուած՝ ամբողջացումի, միութիւնը տեւական դարձնելու հանգամանքն է: Տաղանդը կը մարմնաւորէ խմբակցութեան, համայնին, ժողովուրդին իտէալները իր անձին մէջ. այդ կը նշանակէ, որ ամբողջացումը տեղի կ'ունենայ մարմնաւորումով։ Ամբողջութիւնը կը գոյաւորուի, երբ անհատը իր մէջ խտացնէ, հաւաքէ, իւրացնէ բազմազանութիւնը սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն՝ աւանդին:

Տաղանդով Վարուժան նկատի ունի արուեստագէտը: Արդէն իր յօդուածը գրած է Ալիշանի եւ Պէշիկթաշլեանի առթիւ։ Սակայն Նամականիին մէջ տակաւին գոյութիւն ունի հատուած մը, որ այս կէտը կը պարզաբանէ.

«Պէտք է մեր սրտին նշխարները` որոնք երեք միլիոն ժողովուրդին մէջ բաժնուած են՝ հաւաքել, կեդրոնացնել մէկ կուրծքի տակ, եւ զգալ իր սեպհական կեանքը, գոնէ նուազ ժամանակուան մը համար՝ ի սէր Արուեստին, ի սէր կեանքի Երազին» (Նամ. 173):

Յանուն արուեստին՝ արուեստագէտը հարկին տակն է իր մէջ հաւաքելու, կեդրոնացնելու բոլորին մէջ ցրուածը, այդ բոլորով զգալու համար իր սեպհական կեանքը։ Ինչպէս կը տեսնուի դիւրաւ այս կեդրոնացումը սեպհականացումն է կեանքին սեպհական եւ սեպհականացումը համարժէք է ամբողջացումին։

Արուեստագէտը, բանաստեղծը միայն ինք կը կատարէ այս աշխատանքը բոլորին համար: Հաւաքարար ու կեդրոնարար, անիկա խորքին մէջ, «Հերոս» մըն է, որ կը զոհէ ինքզինք քերթողական մարտիրոսութեամբ։ Վարուժան բազմիցս կը խօսի բանաստեղծզոհ, բանաստեղծ մարտիրոս գրողին մասին։ Այսպէս՝ կը գրէր.

«Ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը մարտիրոսութիւն մ'է. ամէն բառի մէջ սրտին կաթիլ կաթիլ արիւնումն է ստեղծելը» (Նամ. 127) եւ աւելի ան դին. «...ամէն շեշտի պէտք է որ սիրտը կաթիլ մ'արիւն հոսէ, մինչեւ որ քերթողը իր գործին առջեւ յիսուսօրէն կանգուն հիւծի» (Նամ. 131):

Անտեղի է կենալ վերջին տողերուն մէջ զետեղուած պատկերին վրայ, որ կը կրկնէ Գողգոթայի տեսարանը եւ որ արդէն ընդլայնած ենք այս աշխատանքին մէջ։ Միակ էականը այստեղ` արուեստագէտին վերածումն է զոհի, եւ Վարուժանի համար «առանց զոհի չկայ հերոս»։ Ինչպէս «Առաջին մեղքը»ին մէջ կը թելադրուէր, անձին զոհագործումէն կը ծնի հաճոյքը։ Նոյնը կը կարդանք «Նաւասարդեան»ին մէջ.

Եւ բարձրացո՛ւր Անահիտի ծիծերն ի վեր

Բաժակը նուռ,

Յետոյ զոհուող քերթողներուն սըրտին վրայ լեցո՛ւր, լեցո՛ւր։

Եւ այդ զոհագործումն է, որ «Մենք, զաւակներդ օգոստափառ, պիտի կերտենք / Նոր Արշալոյս»: Զոհագործումին շնորհիւ նոր մարդկութիւն մը, նոր ժողովուրդ մը իբրեւ ազգ կը միաւորուի:

Այս իմաստով բանաստեղծը հերոսն է, որ կը մղէ «գեղեցիկ կռիւը» (Նամ. 168), այսինքն՝ գեղեցիկի մարտը: «Գեղեցկութեան արձանին» հնչեակին մէջ զոհագործումը վերստին առընչուած է գեղեցկութեան.

Թէ Հարկ ըլլայ զոհ մը ընել քեզ պարգեւ, Որպէսզի կուժդ ըմպէ արեանս հուսկ կաթիլ։

Բագինիդ ես պիտի ուզեմ մորթըւիլ․․․

Գեղեցկութեան համար զոհուողը վերջին մեռնողն է կամ հերոսը: «Վահագն»ին աղօթողը ի զուր չէ որ ինքզինք կը յատկանշէ իբրեւ «մեր տոհմին. վերջին Վահունին», որ հեթանոս աստուածին կը զոհէ կուտայ «ինչ որ կար խըրճիթիս մէջ եւ հոգիիս, – քեզ տըւի թըշնամին ինչ որ մոռցած էր այս օրուան այրիացած Յաշտիշատիդ մէջ սամայ:

Վերջին Վահունին աստուծոյ կը զոհէ, կու տայ, կ'ընծայէ աւերին մնացորդը, ինչ որ ունէր եւ այն որ էր: Կը զոհէ ինքզինք: Այսպէս անիկա վերջին մարդն է: Այս տարազը կամովին երկդիմի ու երկարժէք հաստատում մըն է։ Նախ` բանաստեղծը միակն է, որ կը վրիպի ոչնչացումի հոլովոյթէն: Ապա՝ մարդն է, որ դէմ յանդիման կը գտնուի վերջին հետ, աստուածներուն ու պապերուն մահուան, հայրենիքի ոչինչին, պատկերացումի անկարելիութեան, լեզուի պակասին: Իր այս կրկնակ հանգամանքով բանաստեղծին տեղը ո՛չ թէ պայմանականօրէն այլ էականօրէն եղեռնային տեղ մըն է։ Անմիջապէս որ բանաստեղծը կ'որոշադրուի, կը յայտնուի եղեռնը: Այդ վերջին տեղն է, վերջին ժամանակին մէջ, ուր վերջը կու գայ խօսքին մէջ։ Խօսքը կու գայ այդ վերջէն։

Բանաստեղծը կ'արարէ վերջին զոհագործումը։ Ինչո՞ւ։ Վարուժան պիտի ըսէր՝ որպէսզի այլեւս զոհ ու զոհագործում չըլլան: Այս ձեւով է, որ միայն վերջ մը կրնայ մտնել վերջաւորութեան լինելութեան մէջ։ Այս զոհագործումը բանաստեղծը կը դարձնէ հերոս մը, որ կը կերտէ «քաղաքակրթութեան տաճարը»։ Քերթողութեամբ անիկա համայնքին կ'ընծայէ մեռած Հօր պատկերը ուր համայնքը կրնայ ճանչնալ ինքզինք։ Կը հաղորդակցէ իրարու անհատները, հատուածները, բաժնուածները եւ կը գօտեպնդէ ամբողջութիւնը. ժողովուրդը կը ժողովէ, ազգը կը վերածէ ազգի։

Դիւցազուններ երգող բանաստեղծը կը դառնայ այսպէս ժողովուրդի, քաղաքի, տաճարի հիմնաքարը։ Բանաստեղծը ահաւասիկ վերջին դիւցազունը կամ գերմարդը, ինչպէս կը թելադրէր Վարուժան իր «Հերոսը» արձակին մէջ։ Բանաստեղծը կ'աստուածանայ։

 

ՅԱՆԳՈՒՄ

 

Բանաստեղծութիւնը կրօնն է։

Այս նախադասութեան շուրջ է, որ կը դառնայ ճակատագիրը` բանաստեղծական հեթանոսութեան։

Հարկ է նախ ընդգծել, որ անիկա վարդապետութիւն մը չէ, ոչ ալ անցեալի սովորական կարոտախտ մը, ներկայէն փախուստ մը: Վարուժան կ'ողբայ Պանի մահը, սակայն կը ձգտի ո՛չ հին աստուածները վերակենդանացնել, ոչ ալ հեթանոս կրօնքը վերահաստատել։ Պիտի կարենա՞ր։ Բանաստեղծական հեթանոսութիւնը կրօնի փորձառութիւն մը կ'ընէ եւ գեղարուեստը կը հաստատէ նոր դերի մը մէջ. աւերն ու ցրւումը, եղեռն ու հայրենիքի ոչնչացումը զանցել։ Այլ խօսքով` Վարուժանի բանաստեղծական հեթանոսութիւնը միայն ու միայն ժամանակակիցի, կեանքի, հողի ու երկրի, համայնքի ու ժողովուրդի հիմնումին կը ձգտի: Բանաստեղծութիւնն է, որ այլեւս աստուածներու ու պապերու մահէն վերջ, կը գրաւէ դիցաբանութեան ու կրօնքին տեղը։

Քերթուած, երգ, արուեստ, բանաստեղծութիւն բոլորն ալ կը յղուին գեղարուեստի սկզբունքին: Զարմանալին այն է, որ Վարուժան անոր կը վերապահէ ազգը կրելու այլապէս դժուար պաշտօնը: Գեղարուեստը կը կրէ: Գեղարուեստը կռիւ է։ Կռան է։ Կռուան է: Ինչո՞ւ այս գերարժեւորումը, աւելի ճիշդ, ինչո՞ւ քերթողականին նման գերորոշադրում:

Պարզ է.«...գեղարուեստով է որ կ'ապրի ցեղ մը կը գրէ ան «Գրական դպրոցներ» յօդուածի վերջաւորութեան։ Իսկ նամակի մը մէջ՝ հետեւեալը.

«Կը մաղթեմ որ ոչ մէկ արգելք Ձեզ չկասեցնէ խօսքին հունտը ցանելու համար մեր կոյս ցեղին անմահական ծոցին մէջ, կամ հնչեցնելու անոր դառնացած հոգիին դիւցազնօրօր երգը, երգը, որ քերթողներուն կեանքին նպատակն է, իսկ ազգի մը անմահութեան միջոցը» (Նամ, 174):

Այս երկու հատուածները անկասկած հասկնալի են առանց մեկնաբանութեան: Անոնց շուրջ հիւսուող մտածման ցանցն է, որ փորձեցինք յայտնաբերել։ Եւ

այդ ցանցին մէջ կը հանդիպինք գեղարուեստականի կամ դիւցազներգականի (ի վերջոյ մէկը կը կրէ միւսը) կրօնը: Վարուժանի հիմնաբառը` բանաստեղծական հեթանոսու-թիւնը ընթեռնելի է այլեւս երկու իմաստով։

Նախ` բանաստեղծութիւնը` հեթանոսութիւն է, որովհետեւ ան կը դիմէ այն ուրիշին, այլին, տարբերին, որ մերն է եւ որմէ սակայն հեռացած ու օտարացած ենք: Բանաստեղծութեան համար հեթանոսութիւնը կը կազմէ իր սեպհականութիւնն իսկ, իր իսկութիւնը եթէ կ'ուզէք: Որով բանաստեղծութիւնը կը դառնայ սեպհականացման ընդհանրացեալ եղանակաւորում մը:

Սակայն եւ նոյն ատեն, իբրեւ սեպհականացման եղանակաւորում բանաստեղծութիւնը կը բարձրանայ ի՛նք բացակայ կամ մեռած աստուածներուն տեղը, կը վսեմանայ. կը դառնայ կրօնը, կը հաւաքէ, կը զօդէ, կը հաղորդակցէ ժողովուրդը, կը հիմնէ ու կ'անմահացնէ, կ'ապրեցընէ ազգը։ Ասիկա բանաստեղծութեան հեթանոսութիւնն է անկասկած:

 

Բնագրի աղբյուրը՝ Գրիգոր Պըլտեան, Կրակէ շապիկը Դանիէլ Վարուժանի շուրջ

(երկրորդ հրատարակություն), Սարգիս Խաչենց/Փրինթինֆո, Երևան, 2014:

Hayk Hambardzumyan

20.04.2026

Սուս կարդանք

Load More

  • Գլխավոր
  • Մեր մասին
  • Հայկն ասաց
  • Հազարան բլբուլ
  • Սուս կարդանք
  • Լեզվանի
  • Ես եմ
  • Մարդը մարդ է
  • Արի ներշնչանքի
  • Ինչո՞ւ

Copyright © 2021 Art365. All rights reserved.