Սփյուռքահայ արձակագիր Համաստեղի(1895-1966) Անձրև պատմվածքների ժողովածուն լույս է տեսել 1929 թ․ Փարիզում։ Այս ժողովածուում է ընդգրկված համանուն պատմվածքը։ Երիտասարդ հասակում հեռանալով հայրենիքից՝ Արևմտյան Հայաստանի Խարբերդ գավառի Բարջանճ գյուղից, Համաստեղը իր մտապատկերում պահպանում, ապա պատմվածքների գեղարվեստական լեզվով ներկայացնում է իր մանկության գյուղի հովվերգական պատկերը։ Իր նախորդող Գյուղը (1924), ապա Անձրև ժողովածուներում տեսնում ենք ազնիվ ու աշխատեսեր, պարզ մարդկանց, որոնք անկախ սոցիալական դժվարություններից, ներդաշնակ են բնության ու համագյուղացիների հետ, կարող են փոքրիկ կենցաղային հարցերով մտահոգվել, գժտվել, սակայն ի վերջո իրենց պարզությամբ, ազնվությամբ աշխարհի ու մարդկանց նկատմամբ սիրով կրկին վերգտնել կորսված ներդաշնակությունը։ Բնությունն իր անկանխատեսելիությամբ, բայց գեղեցկությամբ, հողն իր պարգևած բարիքներով, սակայն ծանր աշխատանքի պահանջով, գյուղական կյանքն իր դանդաղ ռիթմով ու փոքրիկ բախումներով Համաստեղի պատմվածքներում ներկայանում են յուրահատուկ հմայքով։ Արտաքին աշխարհի ձայներն ու աղմուկը, ցավն ու ողբերգությունները կարծես չեն հասնում համաստեղյան գյուղին և այդ առինքնող աշխարհը, որն արդեն չկա, Համաստեղի գրականության մեջ մնում է իր ամբողջականությամբ ու նախաստեղծ կատարելությամբ։
ՀԱՄԱՍՏԵՂ
Անձրեւ
I
Ամէն անգամ, որ ամպերը կ’անցնէին, հովը տանիքներէն չորցած խոտի տերեւներ վար կը ձգէր ու սուրբ Օհանի լիճը կը յուզէր, ես կը յիշէի Գանձակ Պարսամին դիմագիծը։ Անոր դէմքին վրայ ալ հով կար. ահա թէ ինչո՞ւ ճակատը միշտ փոթփոթ էր, քթին վերի մասը սոթթուած, միշտ փռնգտալու դիրքին մէջ էր, սակայն չէր փռնգտար։ Աչքերու կոպերը ծանրութենէն աւելի վար կախուած էին, կարծես ոսկերիչի մը անյաջող մէկ գործն ըլլային։
Կ’ըսէին, որ Գանձակ Պարսամ իշու ականջով լիք ոսկի ունի, որ Գանձակ Պարսամին մեծ հայրը Սեւ ծովն է անցեր ու գիւղի Ս. Բարթող եկեղեցիի
շինութեան ատեն ցոյց տուած է ճարտարապետական արտակարգ կարողութիւն։
Գանձակ Պարսամ կը պատմէր, որ եկեղեցիի երգեցողութիւններու այդքան հնչուն արձագանգը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ իր մեծ հօր՝ այն հին մեռելի, ճարտարապետական տաղանդին մէկ նմուշը. պատերուն մէջ ինչ որ անիմանալի բաներ դրած է…
Թերեւս այդ էր պատճառը, որ Գանձակ Պարսամի տան մէջ քաղքենի թեթեւ շունչ մը կար։ Կրակտունէն ու չարտախէն զատ` ունէր իր հիւրանոցը, ուր հիւրերուն, փոխանակ գինիի կամ օղիի, կապոյտ գաւաթներով սուրճ կը հրամցնէր։
Գանձակ Պարսամ արախչին բարակ կը կապէր. կը սիրէր ձիթաիւղով պատրաստուած սալադ եւ ունէր տամա խաղալու առանձին հետաքրքրութիւն։ Կը պատմէին, որ Ուստա Զաքարէն շատ առաջ, առաջին անգամ գիւղի մէջ խանութ բացողը Գանձակ Պարսամն է եղած։
Բերած է մի քանի տուփ լուցկի, աղ, օճառ, կապ, բահ, քարիւղ, խոփ, գամ, ծխախոտ, դպրոցական առարկաներ, գրչակոթ,
քարետախտակ, կաւիճ, ձուկի ձեւ ունեցող գրչածայրեր, եւայլն ու սկսած է առեւտուրի։ Խանութը իր տան մէջն էր եւ գիւղին այն մասն էր, ուրկէ
կը սկսէր կալերու ճամբան։
Ամէն առաւօտ, երբ գիւղը շէն աղմուկի մէջ էր ու գիւղացիները եզներուն հետ դաշտի աշխատանքի կը լծուէին, Գանձակ
Պարսամ խանութին տառապաները կը բանար, մօտի աղբիւրէն փոքրիկ փարչով ջուր կը բերէր, օճառները իրարու վրայ կը շարէր ու կը յիշէր, որ երէկ` Թորիկ Ղուկասի հետ տամա խաղցած պահուն, փոխանակ մէկ քարի՝ երկու քար տուած է։
Տեսնես, փոքրիկ աղջիկ մը ներս մտաւ` քարիւղի ամանը ձեռքին։
— Մայրիկս ըսաց, որ փարան վաղը կուտանք։
— Մայրիկդ ինտո՞ր է, — կը խօսէր՝ միեւնոյն ատեն քարիւղ լեցնելով։
— Նամակ կ’առնէ՞ք։ Էսքան ատեն ի՞նչ կը վառէիք։ Թամամ 15 օր է՝ գազեաղի չէք առեր։ Եավաշ, խէվի բռնէ, որ չթափես։ Մայրիկիդ ըսէ,
Ամերիկայէն գալած դրամները ի՞նչ կ’ընէ, — կը խօսէր, կը կատակէր` իր փոքրիկ յաճախորդը ճամբու
դնելով։
Գիւղը հետզհետէ կը դատարկուէր։ Տեսնես, կօշկակարը դուրս կ’ելլէր իր խանութէն, երկաթէ իլիկով լար կը շինէր, ոլոր կուտար ու կը մօտենար Գանձակ Պարսամի խանութին։
— Երէկ քաղաք գացե՞ր էիր։ Ցորենը քանիի՞ կ’երթայ։
— Ցորենին չմօտեցուիր, Փարսեխ, Սուլթան Սէյլիմի օրէն մնացած ոսկիները հիմա մէյտան են. արինի գին է, արինի գին։
Կօշկակարը լարին վրայ մեղրամոմ կը քսէր, Գանձակ Պարսամ կապերուն վրայ թառած ճանճերը կը քշէր, մինչ հեռուէն կը լսուէր Ուստա Զաքարի սղոցի ձայնը` խըրզ, խը՜րզ, խը՜րզ …
Դիմացի արեւը գետին ինկաւ, շուն մը ձանձրոյթէն իր դունչը ներս երկարեց ու անցաւ։ Գանձակ Պարսամ վար կ’առնէր մայր տոմարը, ակնոցները կը դնէր, ապառիկներուն վրայ աչք կը պտտցնէր ու, գրիչը շատ կամաց շարժելով, միջատի ոտքի ձեւ բարակ հին ձեռագրով կ’արձանագրէր նոր ապառիկ մը. «Ակօենց Եղսիկին՝ մէկ լօֆ սապոն – 40 փարայ»։
Օրուայ այն ժամանակն էր, երբ մօտ 75 տարեկան Կարօ Թաթօն, դողդղան մարմնով ձեռնափայտին վրայ ծռելէն, Գանձակ Պարսամի խանութի պատին ներքեւ արեւը կ’ելլէր։
— Ղուկասը ուր է, ուր չէ կուգայ հիմա։ Էրէկ էդ քարը չպէտք էր վերցնէիր, չէ, էդ սխալ էր, — կը շարունակէր` դողդղան ձեռքով չպուխը լեցնելով։
Ամէն անգամ, որ Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս տամայի խաղի սկսէին, անոնց մօտ կը նստէր ծերուկը ու բերանը բաց կը դիտէր լուռ։ Երբեմն միայն քըրքըր կը խնդար, երբ տամա կտրելու վտանգ մը տեսնէր, երբ մէկը թակարդի մէջ իյնար եւ կամ սխալ քար մը վերցնէր։ Ոչինչ կը խօսէր. յաջորդ օր միայն կ’ընէր իր դիտողութիւնը։
— Չէ, չէ, էդ քարը չպէտք էր վերցնէիր։
Գանձակ Պարսամ եւ Թորիկ Ղուկաս իրարու շատ լաւ բարեկամներ էին։ Օր չէր անցներ, որ իրարու մօտ չգային ու տամա խաղալու հաճոյքը չապրէին։ Թորիկ Ղուկաս հպարտ էր Գանձակ Պարսամի պէս բարեկամ մը ունենալուն համար։
Թորիկ Ղուկաս միւս րէնճպէրներուն պէս շատ զբաղուած չէր։ Գիշերը ցորեկին խառնելու չափ գործ չունէր։ Ունէր երեք արտ, երկու եզ, մէկ կին եւ մէկ աչք. ահա բոլորը։ Ամէն անգամ, որ արտին մէջ թումբ մը շինէր կամ կաւառ մը շտկէր, միտքը կ’իյնար Գանձակ Պարսամը, խանութին զովութիւնն ու տաման։ Տամային քարերը աչք, քիթ, բերան կ’առնէին։ Թորիկ Ղուկաս կը սրբէր քրտինքը, բահը ուսին կը նետէր ու ուղիղ գիւղ կուգար։
Լուռ էր գիւղը։ Երբեմն միայն Ուստա Զաքարի սղոցին ու աքաղաղներու ձայները կը լսուէին։ Լուռ էին նաեւ տամա խաղցողները, ու միայն ծերուկի կակուղ խնդուքը կը խզէր լռութիւնը տամա խաղցողներուն։ Հեղ մըն ալ տեսնես, փոթորկի պէս, սպիտակ սրունքներն ու թեւերը սոթթած, երեսը քրտինքով կարմրած, ներս կը մտնէր Խաթունիկ պաճին։
— Մուրս գլուխնուդ, կալը կուտը, փստիկին հարսնիքը։ Նստեր՝ տամա կը խաղան։ Դէ՛հ, հայտէ, լօֆ մը սապոն տուր՝ տանիմ. ամպերը ելան, լուացքս չորցնեմ, քանի անձրեւ եկած չէ։
Գանձակ Պարսամ, տամայի հաշիւներով զբաղուած, կուտար մէկ լօֆ օճառը։ Խաթունիկ պաճին կը հեռանար` փոթորիկի պէս, այնպէս, ինչպէս եկած էր։ Ծերունի Կարօն շատ կարճ նայուածք մը կը ձգէր Խաթունիկ պաճուն լեցուն միսերով կռնակին ետեւ ու ուշադրութիւնը նորէն տամային կը դարձնէր։
— Ա՛ռ, էս քարը։
— Առի։
— Հիմա մէկ, երկու, երեք, էսի տամա։
II
Գարունի առաջին օրերն էին. գիւղը եռուզեռի մէջ էր։ Գոմէշներուն ու եզներուն երկար-երկար թարթիչներով աչքերուն մէջ գարունի կանաչ հորիզոն մը կը լայննար։ Դաշտի աշխատանքներու առաջին պահերն էին։ Արեւն անոնց աչքերուն մէջ կը ծագէր ու հոն կը մարէր։
Ահա թէ ինչպէս գործի կը սկսէին ու գործէն կուգային. եւ իրիկուն ու առտու կ’ըլլար։
Լայնլայն բացուած դռներէն դուրս կուգային ընճուղները` պարարտ դնդերներով։ Այդ օրերուն Թորիկ Ղուկասն ալ դուրս կը հանէր իր երկու եզները` Տողանն ու Տիքքոն։
Տողանը մոխրագոյն ծանր եզ մըն էր` ականջին ծայրէն մաս մը կտրուած, կոտոշները կարճ։ Գարաճա լեռան եզներէն էր՝
երկու տարի առաջ հինգ ոսկիով գնուած։ Տողանը, թէեւ ծանր ու շատակեր էր, սակայն յարատեւ աշխատող մըն էր։ Թորիկ Ղուկաս յաճախ կը
գանգատէր, թէ մարագին յարդը Տողանը հատցուց։ Երբ մարագէն դուրս կ’ելլէր` տոպրակով յարդ շալկած, Տողանը անմիջապէս ոտքերու վրայ
կ’ելլէր, ետեւ կը նայէր։ Յարդն անոր առջեւ կը թափուէր թէ չէ, ցռուկը յարդին մէջ կը թաղէր ու ալ դուրս չէր հաներ։
«Էհ, ոչինչ, — Թորիկ Ղուկաս կը մտածէր յաճախ, — ինք կը վաստկէ, ինք կ’ուտէ»։
Թորիկը մտահոգ ընողը Տողանը չէր, այլ Տիքքոն։ Տիքքոն այդ ձմեռ աւելի ծանրացեր էր. ոտքերու վրայ շատ ծանր կ’ելլէր։ Երեք օրը մսուր մը
յարդ հազիւ կ’ուտէր։ Ոսկորները ցցուեր էին, աչքերը՝ աղօտ այնպէս, ինչպէս արեւմարէն յետոյ դաշտերուն վրայ կապտորակ մութ մը կուգայ ու
իրիկուն կ’ըլլայ։ Երբ ոտքերու վրայ կ’ելլէր, ամբողջ մարմնով, պահ-պահ ետ առաջ կ’օրօրուէր ու այլեւս ետեւ նայելու սիրտ չէր ըներ։
Թորիկ Ղուկաս գիտէր, որ Տիքքոն այլեւս ծերացեր է։ Այն նեղ օրերուն ինչպէ՜ս ընէր։ Այդ տարի բամբակները շատ աժան ծախուեցան։ Տան ճեղքուած պատը նորոգել տալու համար երեք ոսկի տուաւ։ Եթէ Թորիկ Ղուկասի ձեռքը նեղ չըլլար, այդ տարին մտադրած էր թէ՛ եզ մը առնել եւ թէ՛ խաչը ջուրը ձգելուն կնքահայր ըլլալ։
Թորիկ Ղուկաս սպասեց, մինչեւ որ գարունը բացուի։ Նոր կանանչներուն ու նոր արեւին հետ թերեւս Տիքքոն հաւաքէր ինքզինք, աչքերու մթութեան մէջ նորէն բռնկէր կանանչութիւնը դաշտերուն։ Եթէ այս տարին ալ Տիքքոյի օգնութիւնով իր գործը գլխէր, յառաջիկայ տարին, Աստուած ողորմած է։ Ցորեն, բամպակ կը ծախէր, նոր եզ մը կ’առնէր ու Տիքքոն այլեւս իր հալ ին կը ձգէր։
Գարնան առաջին օրերուն Թորիկ Ղուկասն ալ արօրը դուրս հանեց։ Տեսաւ, որ մաճը թուլցեր էր. մի քանի գամերով ժրեցուց։ Խոփն ամբողջ ձմեռ փաս էր կապեր ու ախոռ գնաց` եզները դուրս հանելու համար։ Թորիկ Ղուկասի ուշադրութիւնը Տիքքոյի վրայ էր. թէ ինչպէ՜ս կը շարժէր, գլուխը ինչպէ՜ս կը բռնէր, ոտքերն ինչպէ՜ս կը դնէր։ Տան դռնէն դուրս հանած պահուն ոտքը սեմին դպաւ, ու քիչ մնաց ամբողջ մարմնով գետին իյնար։ Տիքքոն փողոցին մէջտեղ կեցած էր. գոց-դեղնագոյն մորթով, կարծես տախտակներով շինուած` ուստա Զաքարի ձեռագործն ըլլար։
Չորս կողմէն րէնճպերներ լուծքի կ’երթային, իրարու ձայն կուտային. ուրախ էին, ուրախ։ Միայն Թորիկ Ղուկասի սիրտն էր մութ՝ ծերացած
Տիքքոյի աչքերուն պէս։ Խէրով բարով այս տարի իր գործը գլխէր…
— Մաքօ, հէյ Մաքօ, գետինը մտնես, — սրտնեղած պոռաց իր կնոջ։— Հայտէ ալ ինչի՞ կը սպասես։ Արեւը պորտի վրա՞յ գայ։ Երեք սըհաթ է՝ հացին ծրարը կը կապես։
— Մէրս քորս, ինչ երեք սըհաթ, տահա եզներուդ սամիները չես կապեր, — տրտնջաց կինը` հացին ծրարը տալով։
— Էս նեղութեանս ատենը, լեզուդ կարճ կ’ընե՞ս, թէ չէ…
Պոռպռտուքի ու հայհոյութիւններու տեղի չտալու համար կինը լեզուն իրեն քաշեց։ Ամօթ չէ՞ դրացիներուն առջեւ։
Թորիկ Ղուկաս Հողդարին արտը վարելու համար եզներուն հետ ճամբայ ինկաւ։ Արեւը դեռ ծագած չէր, սակայն արեւելեան հորիզոնին վրայ,
կ’ըսես, ցորենի չոր խուրձերով լեցուն կալ մը ամբողջ հրդեհ էր առեր։ Լեռներու կապտորակ փէշերուն վրայ գծագրուած կը տեսնուէին նկարները եզներուն ու մշակներուն։ Մշակները կը շտկէին արօրները, խոփերը կ’անցնէին, որ արեւին առաջ գործի սկսէին։
Արեւը կը ցաթէր ու հետզհետէ կը փոխէր պաստառի գոյնը նկարներուն։ Հողդարի ճամբայէն կ’անցնէր Թորիկ Ղուկաս իր Տողանով ու Տիքքոյով։ Արեւը Տիքքոյին ստուերը մինչեւ դիմացի հորիզոնին վրայ նետեց։ Ա՜խ, որքա՜ն այլանդակ կ’երեւէր անոր ստուերը։ Լեռան մը չափ հսկայ
զանգուածով, կռնակին օղակ-օղակ ոսկորները երկնցուած ձողի մը պէս կ’երեւէին։
Ամէն տեղ գարուն էր, միայն Հողդարի ճամբայէն էր, որ, կարծես, աշունը կ’անցնէր։ Թորիկ Ղուկաս արտին վրայ էր։
«Եա Աստուած», — ըսաւ ու սեղմեց մաճը։ Տողանը սկսաւ քաշել, Տիքքոն հետեւեցաւ, ու քաշեցին արօրը արտին երկայնքն ի վար։
Արեւը ակօսի մը բարձրութիւնով ելած էր։ Կապուտիկ ճանճեր, իրարու ետեւէ, եզներուն ականջներուն կը բզզային ու կը հեռանային։ Թորիկ Ղուկաս նկատեց, որ Տիքքոն հետզհետէ կը դանդաղէր. արօրի ամբողջ ծանրութիւնը Տողանի վրայ ինկած էր։ Մի քանի անգամ մխտեց մասայով, սակայն Տիքքոն աւելի ծանրացաւ։ Թորիկ Ղուկաս կեցուց լուծքը, որովհետեւ Տիքքոյի մարմինը երկրաշարժէն օրօրուող լեռան մը պէս ետ առաջ կ’երթար։ Չպուխը հանեց ու մտահոգ մի քիչ հեռու թումբի մը վրայ նստեցաւ։
Ուրիշներ ամբողջ արտ մը հերկեցին, սակայն ինք ութը ակօս հազիւ ձգած էր։ Էհ, ինչ ընէր, աղքատութիւն է։ Այս տարի,
եթէ կարենար Տողանին հետ ճահիլ եզ մը լծել…
Թորիկ Ղուկաս փորձ մը եւս ուզեց ընել. մաճը շատ թեթեւ սեղմեց, հոգ չէ, թո՛ղ արտը վարուի՝ քիչ մըն ալ երես թող վարուի։ Մաճը շտկեց թէ չէ, հեղ մըն ալ տեսնես Տիքքոն ամբողջ մարմնով վարուած ակօսներուն վրայ ինկաւ։
Թորիկ Ղուկաս իրար անցաւ, սամիները անմիջապէս քակեց վզէն ու ի զուր փորձեց ոտքի հանել` ջուր խմցնելու ու ծառին շուքը հանգիստ տալու համար։ Միջօրէի բարկը հետզհետէ կը ծանրանար, եւ աւելի կը ծանրանար հեւուքը Տիքքոյին։
Թորիկ Ղուկաս ուսին վրայ առաւ արօրը, Տիքքոն ալ կէս վարուած արտին մէջ թողուց եւ ուղիղ գիւղ մտաւ իր մէկ եզով։ Ճամբան մտածեց իր
բարեկամին` Գանձակ Պարսամին բանալ իր ցաւը։
— Բարեւ Ղուկաս, էսպէս շուտ…
— Չես հարցներ, թէ ի՞նչ հալի եմ, — պատասխանեց` արօրը ուսէն վար առնելով ու պատն ի վեր երկնցնելով։— Էսօր Տիքքոն` մեծ եզը, արօրին տակ ինկաւ։ Էհ, ինտոր ընես գարունի ատեն, գործի ատեն. մէկ եզով ինտո՛ր ընես։ Որ էշ մը ունենայի, Տողանին հետ կը լծէի. մինչեւ կալ որ ձգէի, ալ Աստուած ողորմած է…
— Հոգ մի ըներ, Ղուկաս, ջանդ սաղ թող կենայ, եկ սանկ տամա մը խաղանք։
Թորիկ Ղուկաս ո՛չ տուն երթալու սիրտ ունէր, ո՛չ ալ տամա խաղալու։ Գանձակ Պարսամ մէկ կողմէն կը շարէր տամային քարերը…
Թորիկ Ղուկաս կ’ուզէր առանձին խօսիլ Պարսամին, քանի ծերուկը չէր եկեր։
— Վերցուր քարդ, հիմա, մէկ երկու…
— Պարսամ, — խօսեցաւ վերջապէս Ղուկաս, — քեզի որ չըսեմ, ալ որո՞ւ ըսեմ. իշտէ կ’երեւայ հալս։ Էս տարի բամբակներէն բան դուրս չեկաւ։
Պարսամ տամայի վրայ կը նայէր, հաշիւներ կ’ընէր միեւնոյն ատեն՝ ականջին մէկը Թորիկ Ղուկասին ծռած։
— Պարսամ, որ կրնաս ձեռք մը երկնցուր ինծի, ճահիլ եզ մը առնեմ։ Հինգ ոսկի փոխ դրամ որ տաս, ես քեզի կալին էվէլն էվէլոք կը վճարեմ։
Թորիկ Ղուկաս լուրջ էր։ Ահա թէ ինչո՞ւ Գանձակ Պարսամի դէմքին խաղաղութիւնը ալիքուեցաւ յանկարծ, յօնքերուն հետ ծանր կոպերը վեր ելա, ճակատն աւելի փոթփոթեցաւ. տամայի վրայէն վերցուց գլուխն ու մտածեց պահ մը, թէ Թորիկ Ղուկաս պարտքի տակ մնացող մարդ չէ, թէ լաւ տոկոսով, կրնար հինգ ոսկի տալ։ Հակառակ պարագային` գիտէր, որ Կարմուճին արտը ուղղակի Թորիկ Ղուկասի անունին վրայ է. կամ Կարմուճին արտը եւ կամ եզները ծախել կուտար ու կը գանձէր իր դրամը։
— Լաւ կ’ըլլի, Ղուկաս. քեզ պէս բարեկամին չի տամ՝ ալ որո՞ւ տամ։ Հինգ ոսկի կուտամ այս նեղ սրային՝ գործդ տես։ Ես քեզի ըսեմ, դուն լաւ մարդ ես. ֆախաթ, մարդ ըսածդ՝ հում կաթ է կերեր. ո՜վ գիտէ, ի՜նչ կ’ըլլի, ինչ չըլլիր։ Դրամ ըսածդ օձին բերանն է դրուեր. վաստկելը հեշտ բան չէ։
Երկու վկայի ստորագրութիւնով սէնէդ կ’ընենք. ոսկիին՝ ամիսը հարիւր փարա տոկոսով, նէ՛ էվէլ, նէ՛ պակաս։ Կալին ցորենդ կը ծախես ու դրամս կուտաս տոկոսով միասին։
— Էդ լաւ ըսիր, Պարսամ. գիր, սէնէդ կ’ընենք, կ’ուզես, երեք վկայով։ Թորիկ Ղուկասին հոգին որ ելլէ, կինէ էդ դրամը էվէլն էվէլոք կը վճարէ։ Էդ թարաֆէն ճակատս բաց է, Պարսամ։ Էս տարի Կարմուճին ու Հողդարին արտերը ցորեն պիտի ցանեմ. Մարխոնին ալ բամպակ։ Ես քու պարտքդ բամպակին չեմ ձգեր։
Յաջորդ օրը, երեք վկայի ներկայութիւնով, մուրհակը գրուեցաւ ու երկուստեք ստորագրուեցաւ։ Գանձակ Պարսամ առարկեց, որ մուրհակին տակ, փոխանակ Ղուկաս Թորիկեան գրուելու, պէտք է գրուի` Թորիկ Ղազարի որդին` Ղուկաս Թորիկեան։ Պահանջեց, որ իրենց հօր անունին հետ
միասին ստորագրեն նաեւ վկաները։ Այդ բոլորը ստորագրուելէ յետոյ Գանձակ Պարսամ Թորիկ Ղուկասի ափին մէջ համրեց ոսկիները մէկ, երկու, երեք, չորս, հինգ՝ հինգն ալ առանձին հնչեցնելով։
Իշու ականջով լեցուն ոսկիներուն հինգ հատը միայն՝ ակամայ յիշեցին վկաները։
Թորիկ Ղուկաս, երբ առաւ ոսկիները, յաջորդ օրն իսկ անմիջապէս Գարաճա լեռ գնաց` ճահիլ եզ մը բերելու համար։ Գարաճա լեռը երկու օրուայ ճամբայ էր։ Հինգերորդ օրն էր, երբ Գանձակ Պարսամ տեսաւ Թորիկ Ղուկասը իր նոր եզով գիւղ վերադառնալու ատեն։
— Բարեւ, Ղուկաս. էս նոր ե՞զդ է։ Աստուած ուղուրով ընէ, — խօսեցաւ Պարսամ ու խանութէն դուրս ելաւ։
Թորիկ Ղուկասի նոր եզը նայելու համար դուրս ելան կօշկակարն ու Ուստա Զաքարը։
Նոր եզը Տիքքոյի չափ հսկայ չէր. կոտոշները մահիկաձեւ էին. ճակատին վրայ ունէր շատ փոքր նախշ մը. պոչը սովորականէն աւելի երկար
կ’երեւէր՝ հին աւերակ բերդերու քարերուն վրայ գծագրուած հսկայ կովի նկարներն յիշեցնող։ Թորիկ Ղուկաս կը սպասէր, որ իրենց կարծիքը ըսէին, աւելի ճիշդ, կ’ուզէր, որ գովէին։
— Քանիի՞ առիր, Ղուկաս, — հարցուց Ուստա Զաքար՝ միեւնոյն ատեն եզան ակռաներուն նայելով։
— Չորս ոսկի ու կէս նաղդ փարա, ան ալ ի՜նչ հալով։
— Լաւ է, Ղուկաս, տահա շատ ճահիլ է։ Թէ՛ սայլ կը քաշէ, թէ՛ վար կ’ընէ, Աստուած խելլին ընէ։
Կօշկակարը պոչին երկարութեանը ու կճղակներուն նայեցաւ։
— Որ տուն տանես, Ղուկաս, — խօսեցաւ ծերուկը, — ճակատին թաժա հաւկիթ կոտրել չմոռնաս։ Նայէ՛, որ էշիկէն ներս սաղ ոտքը դնէ, — ու
ծռեցաւ, աչքերուն նայեցաւ։ Կարմիր ու բաց գոյնով աչքերը գէշ նշան են։ Չէ, նոր եզն ունի խոշոր ու ձիթապտուղի սեւութիւնով աչքեր։ Եզան
աչքերուն սեւութիւնը առատութիւն է։
— Անո՞ւնը։
— Տիքքօ, — խօսեցաւ Ղուկաս։
Եզը կեցած էր անորոշ, բոլորովին անգիտակ իր անունի մկրտութեան։ Երբեմն միայն գլուխը կը չանչէր՝ մինչեւ Գարաճա լեռնէն իր հետ եկած
մժեղները քշելու, որոնք թարթիչներէն վար կը կախուէին։
Թորիկ Ղուկաս իր նոր եզով գործի լծուեցաւ։ Վարեց, ցանեց, Մարխոնին ալ բամպակ ըրաւ։
Վարուցանէն յետոյ Ղուկասի գործն այլեւս չափով մը կը թեթեւնար։ Ամէն օր այլեւս բահը կ’առնէր ու դաշտ կ’ելլէր։ Թումբերը կը շինէր, մուկերը կը սպաննէր, ջրտուք կ’ընէր, բամպակը կը քախնէր, երբեմն ալ ծերացած Տիքքոյին կ’այցելէր։
Գարաճա լեռնէն դարձին իր առաջին գործը եղաւ Տիքքոն Հողդարէն Կալատեղին բերել։ Տիքքոն հոն` Կալատեղին էր գիշեր թէ ցորեկ իր հալին
ձգուած։ Թորիկ Ղուկաս երբեմն չոր խոտ կը տանէր, երբեմն յարդ. ան ալ մօտակայ տուներու հաւերը կ’երթային ու փռտելով կը ցրուէին առջեւէն։ Անցնող ճամբորդներ շատ անգամ կը տեսնէին ծերացած եզը. կը տեսնէին, որ անոր կռնակին վրայ հաւեր են թառած, եւ կամ աքաղաղ մը, անոր ճիշդ ականջին քով կեցած, անցնող ճամբորդին միջօրէի ժամը կը պոռար ժիր ու հնչեղ ձայնով։
III
Մայիսի կէսն էր։ Օդերը անսովոր կերպով սկսան տաքնալ։ Շաբաթէն աւելի էր, որ անձրեւ եկած չէր։ Այդ այն ժամանակն է, երբ կը սկսին ցորենները քողքերուն մէջ հասկեր կապել։ Ոմանք քողքերնին պատռած արեւ ելած էին, ինչպէս նկատած էր Թորիկ Ղուկաս։ Անձրեւը կ’ուշանար։
Գիւղացիներու երեսներուն վրայ թեթեւ ծռութիւն մը կար. օրը օրին անձրեւի կը սպասէին։
Անձրեւը կ’ուշանար։
Այդ բոլորին մէջ էն շատ մտահոգուողը Թորիկ Ղուկասն էր։ Ինչպէ՞ս չմտահոգուէր։ Վար, ցան, նոր եզ, քրտինք, աշխատանք, պարտք, մուրհակ. այս բոլորէն յետոյ աչքը տնկած էր կալին՝ լաւ չէճ մը վերցնելու։ Թորիկ Ղուկաս այլեւս ամէն օր աչքը երկինքէն վար չէր առներ ու ամպի կտոր մը ի զուր կը փնտռէր։
Թորիկ Ղուկաս նկատեց, որ ծերացած Տիքքոյի շուրջ մժեղները անսովոր կերպով շատցեր էին։ Արագիլները անսովոր կերպով այդ օրերուն շատ բարձրը կը նետէին իրենց թեւերը։ Օդին տաքութենէն գոմէշները ճահիճներուն մէջ տապալ կուգային ու արեւն անմիջապէս անոնց կռնակներուն վրայ կը չորցնէր ցեխը ճահիճին։ Թորիկ Ղուկաս, սովորականին պէս այդ օրն ալ ձեռքը ճակատին վրայ հովանի բռնած, երկընքի վրայ ամպի
կտոր փնտռեց ու գտաւ այլուխի չափ փոքրիկ կտոր մը՝ Մարգարենց ուռիներուն վրայ բացուած։ Դրացի Ակոբն ալ իր արտէն նոյնպէս կը դիտէր
միեւնոյն ամպի կտորը, որ փռուած այծի փոստի կը նմանէր։ Թորիկ Ղուկաս, բահը ուսին, մօտեցաւ դրացի Ակոբին։
— Երկար ատեն է, էդ ամպը էդ տեղ է։
— Ես ըլ քիչ առաջ տեսայ։
— Հեղ մը սը արագիլները վար գային…
Երկու րէնճպերներ կը դիտէին բաց գոյն ամպի կտորը, որ հետզհետէ սկիւռի ձեւ կ’առնէր։ Տեսան, որ պոչը բաժնուեցաւ, յետոյ մէջքը կիսուեցաւ, գլուխը կտրուեցաւ ու չքացաւ, չքացաւ…
Երկու րէնճպերներ աչքերնին վար առին։
— Էսօր տեսայ, ջաղջիպան Նաւօն ջաղացքը գոցեր դուրս է ելեր։
— Հելպէդ, էդ ջաղջին ջրով նէ՛ ջաղացք կը դառնայ, նէ՛ արտ կը ջրուի. էնքան քիչքցեր է, որ մինչեւ արտին գլուխը տանես, ժամանակդ կը լրանա։
— Էրէկ Մաթօն ու Խըմլ Մինասը բահերով քիչ մնաց իրարու գլուխ կոտրէին։
— Ինչո՞ւ։
— Մեր ներկայութիւնով, ջաղջին ջուրը երկուքի բաժնեցինք, շատ լաւ բաժնեցինք՝ նէ՛ էվէլ, նէ՛ պակաս։ Երկուքն ալ երկուական սըհաթ ջուր
ունէին։ Մի՛ ըսեր, որ Մաթօն եկեր, ջուրի բաժինքին տեղը պզտիկ քարի կտոր մը դրեր է, որ ջուրը իր կողմը շատ վազէ։ Բահերն իրարու վրայ
քաշեցին։ Որ հոն չըլլայինք…
— Էս էսպէս քաշուելիք բան չէ, Ակոբ. ցորեններուն երեսը չեմ կրնար նայիլ. սիրտս չի բռներ, որ արտը գամ։ Հեղ մը հաւաքուինք գիւղացիներով, տավուլով զուռնայով երթանք ջաղջին ջրին ակը գտնենք. փորե՛նք, փորփրենք, շատցնենք ջուրը։
— Ինծի կուգայ, թէ պէտք է մեծով պզտիկով հսկումի ելլենք, հսկումի…
Կը խօսէին երկու րէնճպերներ ու մտահոգ գիւղ կը շտկուէին։ Անոնց ոտքերուն տակ կը խլրտային մողեզները։ Իրիկուն էր. արագիլները կը
ցածնային. երկու րէնճպերներու կռնակներուն ետեւ արեւը կը մարէր։
Թորիկ Ղուկաս այլեւս շատ չէր սիրեր Գանձակ Պարսամին հանդիպիլ. որովհետեւ նկատած էր, որ անոր երեսի հովը հետզհետէ կը շատնար.
առանձնապէս ցորեններու վիճակով կը հետաքրքրուէր, ու անոր մէջ անհանգստութիւն մը կար։ Անցեալ օր լեզուին տակ բան մը ունէր ըսելիք ու չըսաւ։
— Ցորեններդ ի՞նչ հալի են, Ղուկաս, — խօսեցաւ Գանձակ Պարսամ՝ առանց իր դէմքին մկանային թթուածութիւնը փոխելու։
— Շաբաթ մըն է չարչապալ կ’ըլլիմ, որ ցորեններուն քիչ մը ջուր հասցնեմ։ Երէկ ջաղջին ջուրը մինչեւ որ արտը հասցուցի՝ տեսայ, որ վերէն
կտրեցին. երեք սըհաթ ջուրով ի՞նչ կրնաս ըներ։
Փոքրիկ տղայ մը, քարիւղի ամանը ձեռքը, ներս կը մտնէր։ Պարսամ քարիւղ լեցնել գնաց, Ղուկասն ալ երեսն առաւ ու հեռացաւ։ Ինչպէ՞ս չի
հեռանար. կը կռահէր Պարսամի լեզուին տակի խօսքերը ու օրը օրին կ’ակնկալէր, որ ըսէր այդ խօսքերը։ Մօտ շաբաթ մը առաջ էր. տեսաւ, որ
Պարսամն այլեւս տամա խաղալու ո՛չ առաջարկ կ’ընէ եւ ո՛չ ալ կը պատրաստուի. այդ տեղէն նկատեց, որ Պարսամին դիրքը փոխուած էր։ Է՜է,
ինչպէս ընէր, չէ՞ր որ բոլոր գիւղացիներն ալ միեւնոյն վիճակի մէջ էին։
Երեկոյ մը, երբ Թորիկ Ղուկաս մի քանի դգալ կերակուր ուտելէ յետոյ կը պատրաստուէր գիւղացիներուն հանդիպելու համար դուրսը` Ձէթ քարին քով երթալ ու հսկումի կանգնելու առաջարկ ընել, տեսաւ, որ դուռնէն ներս մտաւ Գանձակ Պարսամը։
— Օհ, բարեւ, Պարսամ. եկ նստէ, տնաշէն. հէյ կնիկ, Պարսամն է, մինտեր շտկէ, ճրագը քիչ մը չլուսցնե՞ս։
Կինը մինտերը շտկեց չարտախին մէջ, ու նստեցան։
— Հէ՜յ կնիկ, սոխի վրայ հաւկիթ կոտրէ, րախի մը բեր, սալաթ մըլ շինես գէշ չըլլար։ Պարսամ, որ տամայի քարեր ունենայի, լաւ տամա մը կը
խաղայինք. երկար ատեն է, որ խաղցած չենք։
Ղուկաս ու Պարսամ շատ կարճ լռութիւն մը պահեցին։ Տանիքի սանդուխներէն դրացիին սեւ կատուն էր, որ վար կ’իջնէր։
— Ես ըլ դուրս` Ձէթ քարը պիտի երթայի` ըսելու, որ հսկումի կայնինք։ Մինչեւ որ հսկումի չկայնինք, պաշխա բան օգուտ չըներ. ցորեններուն կը
նայիմ՝ լացս կուգայ։
Կինը խոնջան շտկեց, օղիին շիշը ու մի քանի բրդոն պանիր մէջտեղ դրաւ ու գնաց։ Կինը նեղուած էր։ Ինչո՞ւ հիւրին առջեւ կը պոռար, թէ` այս
բեր, այն բեր։ Իր ձեռքով տուն բերած ունի՞ այդ բաները։ Մէկ չէ, երկու չէ. Մաքօ պաճուն գլխաւոր վիշտերէն մէկն էր այդ։
Թորիկ Ղուկաս նեղուեցաւ լուռ. ախ թէ տունը հիւր չըլլար, գիտէր իր ընելիքը։
— Ղուկաս, — խօսեցաւ վերջապէս Պարսամ, — կովին երեսը որ նայիս, կրնաս ըսել, թէ էդ կովը կաթ կուտա՞յ, թէ չէ։ Հավաները էսպէս որ
երթան, էս տարի կալ կուտ չկայ։ Մենք քեզ դրամ տուինք, վկաներով սէնէդ գրեցինք։ Ցորենները վտանգի տակ են։ Աղէկ կ’ընես, եթէ հիմակուց էդ դրամը վճարելու ճարը նայիս։ Հա տես, որպէս բարեկամի կը խօսիմ։
— Պարսամ, ես հիմա ո՞ր տեղէն տամ էդ դրամը։ Որ էս տարի կալ կուտ չվերցնենք, Աստուած հէլպէդ ուրիշ դուռ մը կը բանայ։ Թորիկ Ղուկասին
հոգին որ ելլէ, կինէ իր պարտքին տէրն է։
— Թէ որ դրամը վճարելու ճարը չնայիս, վերջը մի ըսեր, որ Գանձակ Պարսամ գէշ մարդ էր։ Գիր, սէնէդ, վկայ, կառավարութիւն կայ։ Կալի
սպասելը պարապ բան է։ Հիմակուց սկսած են դեղնիլ ցորենները։ Ի՜նչ կալ, ի՜նչ բան։ Եզներդ ծախէ, Ղուկաս, արօր, մաճ ծախէ, Կարմուճին արտը քու անունովդ է, արտդ ծախէ, ինչ կ’ընես ըրէ, Գանձակ Պարսամին դրամը վճարէ։ Հա, տես, որպէս բարեկամի կը խօսիմ։
Գանձակ Պարսամ ո՛չ օղի խմեց, ո՛չ ալ մէկ բրդոն պանիր կերաւ։ Ըսաւ` ինչ որ մտադրած էր վաղուց խօսիլ։
Ամէն բանէ առաջ կ’ուզէր իր դրամը ապահովել։ Ով գիտէ, ի՜նչ կ’ըլլայ, ի՜նչ չըլլար։ Ամիս մըն է մէկ պուտ անձրեւ ինկած չէ։ Ջաղացքները
գոցուեցան, ջուրերը քիչքցան, գիշեր ցորեկ ջուրի համար գիւղացիներուն մէջ եղած կռիւն անպակաս է։ Գանձակ Պարսամ ամէն բանէ առաջ
կ’ուզէր իր դրամը ապահովել։ Խօսքը կարճ կապեց ու Ղուկասի դռնէն դուրս ելաւ։
Ղուկաս իր նեղութիւնը կնոջ վրայ պայթելու առիթը գտաւ վերջապէս։
— Ա՜յ շունշանորդի, — Թորիկ Ղուկաս բարկացաւ իր կնոջ, — ես քեզի ըսի, որ հաւկիթ կոտրէ, սալաթ շինէ, թէ որ տոմաթէս, հաւկիթ չկար,
սալա՞թ ալ չկար։ Սոխին ու մաղտանոսին վրայ քիչ մը քացախ լեցնէիր՝ կ’ըլլար սալաթ։
— Ես ինտոր շինեմ՝ նէ՛ քացախ կայ, նէ՛ ըլ մաղտանոս։
— Չկայ, չկայ ըսելով՝ զիս էս վիճակին ձգեցիր, շան զաւակ. քառսուն անգամ ըսեր եմ` «չկայ» մի ըսեր, տան խէր պէրէքէթը կը փախի։ Գանձակ
Պարսամ մեր տունը ոտք դրած չունէր։ Ես չեմ ուզեր, որ իմ բարեկամները ըսեն, թէ Թորիկ Ղուկաս անօթի է։
— Հողիմ գլուխը այդ տեսակ բարեկամի, որ եկեր երկու ոտքը մէկ մուճակի մէջ դրեր, դրամ կ’ուզէ, եզներդ ու արտերդ ծախու կը հանէ։
Կինն իրաւունք ունէր. եթէ կնոջ վրայ բարկանալը սովորութիւն չդարձնէր, այդ դիտողութիւնն ալ չպիտի ընէր։ Գանձակ Պարսամի խօսքերը
զինք աւելի ընկճած էին։ Ահա թէ ինչո՞ւ կնոջ խօսքերը մտիկ ընելու չափ մեղմ էր իր բարկութիւնը։
Կիրակէ մը եկեղեցիին ճամբան Գանձակ Պարսամ նկատեց, որ Թորիկ Ղուկասին կինը գլխին նոր լաչակ ձգեր է։ Լաւ մը նայեցաւ, նայեցաւ ոտքերու կօշիկներուն ու մրթմրթաց. «Պարտքը չի նայիր, կնկան գլխին լաչակ է ձգեր։ Ո՞ր տեղէն է էս դրամը։ Ակնայ լաչակ է, էն քիչը չորս ղրուշ
կ’արժէ». եւ ուղղակի Թորիկ Ղուկասին տունը գնաց։ Տեսաւ, որ սեղան շտկեր են ու սխտորով խաշ ուտելու պատրաստութիւն կը տեսնեն։
— Օհ, բարե՛ւ, Պարսամ, եկ նստէ, ես ալ միտքս դրած էի քեզ խաշ ուտելու կանչէի։ Հէ՜յ, կնիկ, սալաթ մը պատրաստէ…
— Չէ, չէ, պիտի երթամ, Ղուկաս. կ’երեւայ դրամս տալու ճար մը չես մտածեր։ Ղուկաս, ես քեզ հինգ հատ դեղին ոսկիներ համրեցի. վկաներ կան. գիր, սէնէդ, կառավարութիւն կայ։
— Էհ, Պարսամ, պարտքիս տէրն եմ. որ ըլլայ մինչեւ կալի չեմ սպասեր։ Հա, հա, որ կալ չունենաք, որ անձրեւ չեկաւ, տունս կը ծախեմ, քու դրամդ կուտամ։
— Կալ չկայ, Ղուկաս. որ անձրեւ չգայ, որ ջուր չըլլի, կալ ո՞ր տեղէն։
Այդ կիրակէ Թորիկ Ղուկաս մեծ ախորժակով պիտի ուտէր խաշը` սխտորով համեմուած, եթէ պարտատէրը չտնկուէր իր դէմ։ Ախորժակը գոցուեցաւ։ Պարտապահանջը կերպ մը համոզելու միջոցներ կը մտածէր, ինչպէ՜ս ծախէր եզները։ Գանձակ Պարսամ դիւրին համոզուողներէն չէր։
Միջօրէի մը դաշտերու մէջ հեղձուցիչ անդորրութիւն մը կար. հով չկար, ծառի ոչ մէկ տերեւ կը շարժէր, հեռուները անապատային տաքութիւն մը կ’ալիքուէր։ Արեւը հետզհետէ կը դեղնէր ու ծերացած եզան` Տիքքոյի մորթին գոյնը կ’առնէր։ Գիւղացիներն իրարու ձայն տուին։ Արեւը բռնուած էր։ Գէշ նշան էր, գէշ նշան։ Տիրացու Մակար տոմարը նայեցաւ։ Զարմանալի էր. տոմարը կը ցուցնէր. «Թագաւորաց հաշտութիւն, տեղայր
անձրեւ առատ»։ Թորիկ Ղուկաս լսեց ու ուղիղ Գանձակ Պարսամին խանութը գնաց։
— Պարսամ, Պարսամ, էսօր կամ վաղը, տոմարը կ’ըսէ, էսօր կամ վաղը անձրեւ պիտ գայ…
Անցան էսօրն ու վաղը։ Անձրեւը կ’ուշանար։ Ղուկասն այլեւս նեղն էր մնացեր ու զանազան խորհրդանիշներէն անձրեւ կը գուշակէր։ Օր մը տեսաւ, որ իրենց տան կատուն կտուրին վրայ նստեր, թաթը կը լիզէր. անձրեւի նշան էր. Թորիկ Ղուկասին այնքան խորհրդաւոր երեւցաւ, որ ուզեց
երթալ Պարսամին ըսելու, թէ անձրեւ պիտի գայ, որովհետեւ կատուն կտուրին վրայ նստեր, լուացք կ’ընէր։
Գանձակ Պարսամ մի քանի անգամ վկաներուն հետ տեսնուած էր. վկաներն ալ կ’ակնկալէին, որ պարտապահանջը խնդիրը կառավարութեան
ձգէ։ Ինչպէ՜ս ըսէր, ինչպէ՜ս համոզէր…
Ամէն անգամ, որ Գանձակ Պարսամին դէմքը կը տեսնէր, կ’ըսես, առանց թեւերու Սադայէլն է իր դէմ կայներ։ Դէմքին ժպիտը իսպառ ցամքած էր` Ս. Սարգիսի քարի քով բացուող ու սարդի թելերով պատուած այն խոռոջի նման, որ, կ’ըսեն, թէ ատենօք աղբիւր է եղեր։ Քիթը սոթթուած, ճանճ մը իսկ չպիտի համարձակէր անոր քթին վրայ թառիլ։
Է՜հ, ի՜նչ լաւ օրեր էին, երբ դաշտի աշխատանքի պահուն կը յիշէր Գանձակ Պարսամին խանութին թաց զովութիւնն ու տաման։ Խանութին
քարիւղի ու օճառի հոտերն աւելի գեղեցիկ կուգային կարծես, քան խունկի հոտը եկեղեցիին։ Տամայի մէկ քար շարժելուն մէջ կարծես աւելի
իմաստութիւն կար, քան գիւղի քահանային «Օրհնած ժողովուրդ»ով սկսած քարոզին մէջ։ Ահա թէ ինչո՞ւ շատ անգամ կը թերանար ու եկեղեցի
չէր ուզեր երթալ։
Ի՜նչ լաւ օրեր էին, երբ Գանձակ Պարսամի դէմքին վրայ ժպիտ կար։ Սակայն, հիմա անոր դէմքը լերկ էր, ինչպէս լեռան ապառաժը` միակտուր ու երկաթագոյն։ Անոր ոտքի քայլերը իր մէջ խուլ ու մռայլ արձագանգ մը կ’արթնցնէին։ Գիտէր անոր դուռը բաղխելուն ձեւը։ Այլեւս ինչ խօսէին. ամէն անգամ, որ ներս կը մտնար, ձեռքը անութին տակ կը տանէր, կը բանար կտաւէ ծրար մը ու հազար ու մէկ թուղթի կտորներու,
կալուածագրերու, ընկալագրերու, զանազան մուրհակներու ու ստացագրերու մէջէն կը զատէր իր եւ Ղուկասի միջեւ կնքուած մուրհակը ու կը
սպառնար, կը սպառնար…
IV
Ջրաղացքին ջուրն աւելի քիչքցաւ։ Արեւի լոյսն աւելի կը տաքնար ու աւելի կը ճերմկնար։ Գիւղին մէջ մինակ Խաթունիկ պաճուն երեսին վրայ
ժպիտ կար։ Անոր երեսն ինչո՞ւ ծուռ պիտի ըլլար. լուացքը կ’ընէր, տանիքին չորս կողմ կապած պարաններուն վրայ կը փռէր լաթերը, փաք
իսկատ կը չորցնէր ու ճերմակ-ճերմակ կը ծալլէր։ Արտերուն հողերը սկսան ճեղքուիլ, գիւղացիները մեծով պզտիկով, քահանայով ու տիրացուով, աւետարանով ու գրակալով հսկումի ելան. քահանան, խաչով բուրվառով աշխարհի չորս կողմերուն՝ «անդաստանի» արարողութիւն կատարեց։
Թորիկ Ղուկասի հոգին ու հաւատքը հսկումին վրայ էր։ Վաղուց էր, որ կ’ըսէր գիւղացիներուն, սակայն վերջը` ջրաղացքին ջուրը աւելի քիչքնալէ
յետոյ, նկատեցին հսկումին կարեւորութիւնը։
Հսկումի յաջորդ գիշերը Թորիկ Ղուկաս լաւատես հաւատքով մը քնացաւ։ Երազին մէջ տեսաւ, որ ճիշդ իրենց արտին վրայ կախուած էր ձեռքի
չափ ամպի կտոր մը, կարծես Բարձրահայեաց վանքին մէջ բամպակներով փաթթուած Բարթող ճգնաւորի աջն ըլլար։ Յետոյ ամպի կտորը
մեծցաւ` դրացի Մանանին գոգնոցին մեծութիւնով։ Ամպի կտորը հետզհետէ ճերմկցաւ ու քառակուսի դարձաւ։ Ճերմակներուն մէջ երեւցան
գրերու նմանող կէտեր։ Երազին մէջ Թորիկ Ղուկասի սիրտը սկսաւ թփրտալ, երբ գրերուն տակ տեսաւ չորս կնիքներ։ Գանձակ Պարսամին եւ իր միջեւ կնքուած մուրհակն էր։
Գիւղացիք անճրկեր էին։ Դաշտ ելլելու սիրտ չէին ըներ։ Ինչպէ՞ս երթային, ո՞ր սիրտը պիտի դիմանար` ցորեաններու այդ որբ հասակը տեսնելով։ Եթէ անձրեւն աւելի ուշանայ, ցորենները պիտի սկսին դեղնիլ. օհ, այն ատեն Հաճի Խաթունը իր թէքէլթուին անկաւոր արծաթները պիտի ծախէ, Թորիկ Ղուկասն ալ` իր եզները։
Մայիսի վերջն էր ու միջօրէ։ Օդը աւելի ճնշիչ էր, սակայն ծերացած Տիքքոյին շուրջ մժեղներ շատ չկային։ Մեղուները փեթակի ծակերուն շուրջ
հաւաքուած էին ու դաշտ չէին երթար։ Հաւերն իրենց թեւերը թոյլ ձգած էին։ Թորիկ Ղուկաս իր եզները դաշտ արածելու հանած էր։ Տեսաւ, որ
եզները անսովոր կերպով իրենց կռնակները կը լիզեն։ Յետոյ՝ արագիլները հետզհետէ կը ցածնային։
Թորիկ Ղուկաս սովորականին պէս վեր նայեցաւ ու տեսաւ Հողդարի վրայ ամպի կտոր մը։ Այդ կտորը գորշ մթութիւն մը ունէր, որ արտին վրայ
բացուած էր մագաղաթունակ աւետարանի մը նման։ Նկատեց, որ այդ ամպի կտորով հետաքրքրուած էին դաշտի բոլոր աշխատաւորները։ Շատ
չանցաւ, կարծես հով մը աւետարանին հազար-հազար էջերը թափեց ու գոցեց կապոյտն ու արեւը։
Այս բոլորը շատ կարճ ժամանակի մէջ տեղի ունեցաւ։ Արեւն այս անգամ գիւղացիներու սրտերուն մէջն էր։ Կիները, խոտի ծրարներ շալկած,
տուն կը շտապէին։ Թորիկ Ղուկաս, ինքնիրմէ ելած ու երկու եզներն իր առջեւ ձգած, կալերու ճամբայէն գիւղ կը շտապէր։ Կ’ուզէր երթալ
Գանձակ Պարսամին խանութը, կ’ուզէր հեղ մը անոր դէմքը տեսնել ու ըսել, թէ լսեց որոտումը, երբ ճիշդ գերեզմանոցին քովէն կ’անցնէր։
Գիւղացիներուն բոլորին դէմքին վրայ ժպիտ կար. ոմանք սոթթուած, բահերն ուսերուն, դաշտ կ’երթային` ցորեաններուն հետ անձրեւն
ըմբոշխնելու ու անձրեւին տակ թրջուելու համար։
Գիւղն ամբողջ հարսնիք էր դարձեր ու կը սպասէին, որ իրենց արտերուն, դռներուն ու տանիքներուն վրայ սկսէր համերգը անձրեւին։ Թորիկ Ղուկաս եզները տուն տարաւ. աճապարեց իր բարեկամը` Գանձակ Պարսամը, տեսնել ու նորէն
գտնել անոր հին ժպիտն ու տաման։ Թորիկ Ղուկասի հրճուանքն աւելի շատցաւ, երբ իր վրայ երկու կաթիլ անձրեւ իյնալը զգաց. մէկը իր ձեռքին վրայ, իսկ միւսը քթին ճիշդ ծայրին զարկաւ։
Գանձակ Պարսամ խանութին տառապան կը ցածցնէր, որ հակառակ պարագային անձրեւը խանութէն ներս չմտնէր։
— Պարսամ, Պարսամ, ա՜յ, երեք պուտ, երեք պուտ անձրեւ ինկաւ վրաս, տես, տես, երկու խոշոր պուտեր ձեռքիս վրայ. որ կ’ըսէի, չէիր հաւատար. տե՛ս անձրեւը, ձեռքիս վրայ։ Ալ եզներս չպիտի ծախեմ։
Թորիկ Ղուկաս հազիւ իր ըսելիքը լմնցուցած էր, երբ խանութի տախտակէ տառապաներուն վրայ սկսան զարնուիլ խոշոր կաթիլները անձրեւին։ Յետոյ առուին մէջ ինկան ցորենի հատիկներէն աւելի խոշոր կաթիլներ։ Լսուեցաւ դիմացի տանիքին գաբանքին կռնակին վրայ
կարկտնուած թիթեղի մը վրայ ինկած ձայնը անձրեւի կաթիլներուն։ Ընդհանուր համերգի մը համար իրենց լարերը կը կիտէին, ձայներնին կը ներդաշնակէին, ու ահա անձրեւի տարափը` միանուագ ու ներդաշնակ։
Գիւղացիներէն մի քանիներ Պարսամին խանութը շտապեցին` անձրեւէն չթրջուելու համար ու սկսան բաց աչքերով դուրսը անձրեւը դիտել։
Անոնց մէջ էր նաեւ Թաթօ Կարօի ծերունի ու դողդղան դէմքը։
— Ո՜ւյ, աչքդ չելլէ՝ լաթերս տանիք մնացին։
Խաթունիկ պաճին էր, անձրեւին տակէն կը վազէր արագ։
Թորիկ Ղուկաս կը դիտէր կուշտ-կուշտ ու կ’ուզէր դուրս ելլել, թրջուիլ անձրեւին տակ, լաթերն հանել ու մերկանալ անձրեւին տակ։ Անձրեւն աւելի սաստկացաւ. կաթիլները
քարերուն վրայ թափուող մարգարիտէ հատիկներ ըլլային կարծես։ Տանիքին ճռթոնները սկսան վար՝ փողոցի քարերուն վրայ թափիլ յորդ ու ուրախ աղմուկով։
— Էս անձրեւին պուտը ոսկի է, ոսկի, — խօսեցաւ Գանձակ Պարսամ։
— Հէլպէթ ոսկի է, — վրայ տուաւ Թորիկ Ղուկաս ու, աչքը անձրեւի առէջներուն վրայէն վերցնելով, Գանձակ Պարսամին նայեցաւ։ Ճանչցաւ. իր հին բարեկամն էր, հին ժպիտով։
— Ղուկաս, — խօսեցաւ Պարսամ, — եկ տամա մը խաղանք. վաղուց է, որ խաղցած չենք…
Պարսամ տամային քարերը շարեց, ու դէմ դէմի նստեցան. անոնց քով նստեցաւ ծերուկը, ուրիշներ ալ կանգնած կը դիտէին։
— Առ էս քարը։
— Առի։
— Մէկ, երկու…
— Փախցուր քարը։
— Փախցուցի։
Դուրսը անձրեւը կ’իջնէր աւելի յորդ, երկար ու պարան-պարան, կ’իջնէր առատ ու խաղաղ, կ’իջնէր արտերուն, տանիքներուն, փողոցը սատկած կատուին ու ծերացած Տիքքոյին վրայ։
— Հիմա, մէկ, երկու, երեք, էսի տամա…
Պատմվածքի աղբյուրը՝ www.digilib.aua.am